ՈՒ՞Ր ԵՆՔ ՄԵՆՔ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 36-ԱՄԵԱԿԻ ՇԵՄԻՆ՝ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՀԱՐՑՈՒՄԸ ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
ՈՒ՞Ր ԵՆՔ ՄԵՆՔ, ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 36-ԱՄԵԱԿԻ ՇԵՄԻՆ՝ ՊԵՏԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵԾ ՀԱՐՑՈՒՄԸ
ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ
21 սեպտեմբեր 2026-ին Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի ամբողջացնէ իր վերանկախացած պետականութեան երեսունհինգ տարին եւ պիտի թեւակոխէ երեսունվեցերորդը:
Երեսունհինգ տարի:
Ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ` ակնթարթ: Պետութիւն կառուցելու համար` բաւական երկար ժամանակ, որպէսզի արդէն կարելի ըլլայ ոչ միայն հպարտանալ ձեռքբերումներով, այլ նաեւ` անխնայօրէն հաշուարկել կորուստները, սխալները, ձախողումները եւ չօգտագործուած կարելիութիւնները:
Ու այսօր` անկախութեան հերթական տարեդարձին ընդառաջ, մեզի պէտք է ոչ այնքան տօնական ճառ, որքան` համազգային մեծ ինքնաքննութիւն:
Ո՞ւր էինք 1991-ին:
Ո՞ւր ենք այսօր:
Եւ մանաւանդ` ո՞ւր պիտի ըլլանք վաղը, եթէ ներկայ ընթացքը շարունակուի:
Հայաստանը այսօր յայտնուած է` ռուս-ամերիկեան մրցակցութեան, Եւրոպական Միութեան ու Եւրասիական տնտեսական համակարգին միջեւ ընտրութեան, թուրք-ազրպէյճանական ռազմավարական ծրագիրներու, ամերիկեան ներկայութեան եւ իրանեան անվտանգային մտահոգութիւններու գրեթէ մէկտեղուած խաչմերուկին վրայ:
Այս բոլորը տեղի կ՛ունենան փոքր տարածք ունեցող, սահմանափակ մարդկային ու տնտեսական ներուժով երկրի մը շուրջ: Ու այդ երկիրը մեր հայրենիքն է:
Մեծ պետութիւնները Հարաւային Կովկասը կը դիտեն քարտէսի վրայ: Մենք այդ քարտէսին վրայ կ՛ապրինք: Անոնց համար այստեղ գոյութիւն ունին` ճանապարհներ, երկաթուղիներ, կազատարներ, ուժանիւթի հաղորդակցութիւններ, շուկաներ, ազդեցութեան գօտիներ եւ ռազմավարական դիրքեր: Մեզի համար` հայրենի տուն, հող, սահման, ժողովուրդ, պատմութիւն եւ պետականութիւն:
Այս տարբերութիւնը հասկնալը պետական մտածողութեան առաջին պայմանն է:
Երբ ուրիշ պետութիւն մը կը խօսի Հայաստանի սահմանադրութեան մասին
Ազրպէյճանը ակնարկներով չի խօսիր այլեւս: Պաքուի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ բարձրաձայն կը խայտառակեն մեզ, Հայաստանի սահմանադրութեան մէջ իրենց կողմէ տարածքային պահանջ նկատուող դրոյթի վերացումը անհրաժեշտ պայման կը համարեն խաղաղութեան համաձայնագիրի վերջնական ստորագրութեան համար:
Կարելի է երկար իրաւական բանավէճ ունենալ:
Սակայն հիմնական հարցը իրաւագիտական սահմաններէն անդին կ՛անցնի: Այդ ե՞րբ օտար պետութեան մը ղեկավարութիւնը սկսաւ որոշել` ի՛նչ պէտք է մնայ եւ ի՛նչ պէտք է փոխել Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ:
Եթէ Հայաստանը սեփական ներքին քննարկումներու, պետական բարեփոխումներու եւ ժողովուրդին կամքով որոշէ նոր սահմանադրութիւն ունենալ, այդ մէկը Հայաստանի քաղաքացիներուն իրաւունքն է: Բայց երբ նոյն փոփոխութիւնը կը յայտնուի արտաքին պահանջի կողքին, իրավիճակը բոլորովին ուրիշ իմաստ կը ստանայ: Խնդիրը նոյնիսկ այն չէ, թէ վաղուան սահմանադրութեան մէջ ո՛ր նախադասութիւնը պիտի մնայ կամ պիտի վերանայ:
Խնդիրը նախադէպն է:
Այսօր` սահմանադրութիւնը:
Վաղը` պատմական փաստաթուղթ մը:
Միւս օրը` պետական խորհրդանիշ մը:
Ապա` արտաքին քաղաքական որոշում մը:
Պետութիւնները երբեմն համաձայնութիւններ կը կնքեն եւ փոխզիջումներ կը կատարեն: Սակայն պետական ինքնիշխանութիւնը կը սկսի հոն, ուր ժողովուրդ մը կը կարողանայ ինքնուրոյն որոշել իր հիմնարար օրէնքին բովանդակութիւնը:
Թուրքիա, իր կարգին, կը շարունակէ Հայաստանի հետ կարգաւորման գործընթացը ներկայացնել տարածաշրջանային ընդհանուր խաղաղութեան եւ Ազրպէյճանի հետ գործընթացներուն զուգահեռ ընթացող քաղաքականութեան մը մէջ եւ հրապարակաւ կը շեշտէ իր աջակցութիւնը «եղբայրական Ազրպէյճանի» խաղաղութեան ջանքերուն:
Հետեւաբար Երեւանը պարտաւոր է գիտնալ ոչ միայն այն, թէ այսօր ի՛նչ փաստաթուղթ պիտի ստորագրէ, այլ նաեւ` ի՛նչ քաղաքական տրամաբանութիւն կրնայ ամրագրել այդ ստորագրութեամբ:
Միւս կողմէ` 2025-ին ընդունուած օրէնք մը արձանագրեց ԵՄ անդամակցութեան գործընթաց սկսելու քաղաքական ձգտումը, իսկ 4-5 մայիս 2026-ին Երեւանի մէջ գումարուեցաւ Հայաստան-ԵՄ առաջին գագաթաժողովը: Եւրոպական Միութիւնը բացայայտօրէն կը խօսի Հայաստանը իրեն աւելի մօտեցնելու եւ ոլորտային համարկումը խորացնելու մասին:
Հայաստան միաժամանակ կը շարունակէ մնալ ԵԱՏՄ-ի անդամ:
Մոսկուան ալ աւելի յստակ դարձուցած է իր տեսակէտը` ԵՄ անդամակցութեան ճանապարհը եւ ԵԱՏՄ անդամակցութիւնը վերջնական հանգրուանին անհամատեղելի համարելով: Ռուսիա նաեւ վերջին ամիսներուն տնտեսական ճնշման միջոցներ կիրարկած է հայկական որոշ արտածումներու նկատմամբ:
Հարցը դարձեալ Եւրոպայի կամ Ռուսիոյ նկատմամբ սիրոյ կամ հակակրանքի հարց չէ:
Պետական քաղաքականութիւնը չի կառուցուիր զգացական նախընտրութեամբ:
Ժողովուրդը իրաւունք ունի իմանալու
Եթէ Հայաստանը կը շարժի դէպի Եւրոպական Միութիւն, ի՞նչ ժամանակացոյցով: Ի՞նչ տնտեսական անցումային ծրագիրով: Ի՞նչ պիտի պատահի ռուսական շուկային, ուժանիւթային կախուածութեան, դրամական փոխանցումներուն եւ առեւտուրին: Ի՞նչ անվտանգային համակարգ պիտի փոխարինէ նախկինը:
Իսկ եթէ Հայաստանը կը շարունակէ ԵԱՏՄ-ի մէջ մնալ, ապա ԵՄ անդամակցութեան քաղաքական խոստումը ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ:
Արտաքին քաղաքական բազմակողմանիութիւնը կարողութիւն կը դառնայ միայն այն ժամանակ, երբ պետութիւնը գիտէ իր վերջնական նպատակը: Հակառակ պարագային, ան կրնայ վերածուիլ տարբեր ուժերու միջեւ քաշքշուքի:
ԹՐԻՓՓ - ճանապարհ մը, որուն շուրջ շատ աւելի մեծ հարցեր կան
Այս բոլոր զարգացումներուն մէջ ԹՐԻՓՓ-ը` «Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման» ծրագիրը, առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի է:
Այսօր արդէն բաւական ընդարձակ տեղեկութիւն հրապարակուած է անոր մասին:
Հայաստան-Միացեալ Նահանգներ համաձայնագիրով նախատեսուած «TRIPP Development Company»-ին մէջ ամերիկեան կողմը պիտի ունենայ 74 առ հարիւր համեմատութեամբ վերահսկիչ բաժնեմաս, Հայաստանը` 26:
Ընկերութեան պիտի տրամադրուին համապատասխան տարածքներու նկատմամբ 49 տարուան հողային օգտագործման ու զարգացման բացառիկ իրաւունքներ, որոնք 50 տարի կարելի պիտի ըլլայ երկարաձգել` փոխադարձ համաձայնութեամբ: Ծրագիրը կրնայ ընդգրկել` երկաթուղի, ճանապարհ, քարիւղի եւ կազի խողովակաշարեր, ելեկտրական հաղորդակցութիւն ու օպտիկամանրաթելային ենթակառուցուածքներ: Համաձայնագիրը միաժամանակ յստակօրէն կը հաստատէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը եւ իրաւազօրութիւնը ծրագրի ամբողջ տարածքին վրայ:
Փաստաթուղթը ինքնին «միջանցք» բառը չի հաստատեր եւ Հայաստանի իրաւազօրութեան վերացումը չի նախատեսեր:
Բայց պետական լուրջ մտածողութիւնը այստեղ չի կրնար վերջանալ: Ընդհակառակը, այստեղէն կը սկսին հարցումները.
Ինչո՞ւ 74 առ հարիւր:
Ինչո՞ւ 49 տարի:
Ինչո՞ւ հնարաւոր եւս 50 տարի:
Ի՞նչ պիտի ըլլան Հայաստանի տնտեսական իսկական եկամուտները:
Ո՞վ պիտի կառավարէ ենթակառուցուածքներու առօրեայ գործունէութիւնը:
Ինչպիսի՞ ապահովական համակարգ պիտի գործէ:
Ինչպէ՞ս պիտի լուծուին ապագայ քաղաքական վէճերը:
Ի՞նչ պիտի պատահի, եթէ յիսուն տարի ետք Միացեալ Նահանգներու, Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ կամ Չինաստանի տարածաշրջանային յարաբերութիւնները բոլորովին տարբեր պատկեր ունենան:
99 տարուան հնարաւոր հորիզոն ունեցող ծրագիր մը կարելի չէ գնահատել միայն 2026-ի քաղաքական պայմաններով:
Իրանի սահմանին վրայ ամերիկեան երկարատեւ ներկայութիւնը
Եւ այստեղ կը հասնինք հարցի այն բաժինին, որ Հայաստանի մէջ անհրաժեշտ խորութեամբ գրեթէ չի քննարկուիր:
ԹՐԻՓՓ-ի ենթակառուցուածքը պիտի անցնի Հայաստանի հարաւէն` Արաքսի հովիտէն, Իրանի անմիջական սահմանին երկայնքով: Հայաստանի վարչապետը օգոստոս 2026-ին Ազգային ժողովին մէջ հաստատած է, որ ԹՐԻՓՓ-ի երկաթուղային ենթակառուցուածքը պիտի անցնի Նռնաձոր-Ագարակ ուղղութեամբ` Հայաստանի հարաւային սահմանին, Արաքսի ափերով: Միաժամանակ ան ընդգծած է, որ ծրագիրը օտար զինուորական կամ զինեալ ներկայութիւն չի նախատեսեր:
Այս կէտը պէտք է յստակ պահել:
Այսօր ստորագրուած փաստաթուղթերը ամերիկեան բանակի տեղակայում չեն նախատեսեր:
Սակայն քաղաքական ու ռազմավարական մտածողութիւնը պարտաւոր է նաեւ յաջորդ հարցումը տալ:
Երբ Միացեալ Նահանգներու պատկանող կառոյցը վերահսկիչ մասնակցութեամբ տասնամեակներ շարունակ ներկայութիւն պիտի ունենայ Իրանի անմիջական սահմանին վրայ, կարելի՞ է ապահովաբար յայտարարել, որ այդ ներկայութիւնը ապագային երբեք անվտանգային, հետախուզական կամ ռազմական նշանակութիւն պիտի չստանայ:
Ոչ ոք այսօր կրնայ այդպիսի ապագայ երաշխաւորել: Ճիշդ այս պատճառով Իրանի արձագանգը պէտք է լրջօրէն ուսումնասիրել: Յուլիս 2026-ին Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Խալիլ Շիրղոլամի հրապարակաւ ընդունեց, որ Միացեալ Նահանգներու ուղղակի ներկայութիւնը Իրանի սահմաններուն մօտ Թեհրանի համար «օրինական մտահոգութիւն» է` նոյն ժամանակ նշելով, որ Հայաստանի կառավարութիւնը հաւաստիացուցած է` ծրագիրը Իրանի դէմ սպառնալիք պիտի չստեղծէ:
Այդ մտահոգութիւնը կարելի է հասկնալ:
Թուղթի վրայ ԹՐԻՓՓ-ը Իրանի սահման չի հասցներ ամերիկեան բանակը: Բայց ան կը ստեղծէ ամերիկեան պետական վերահսկիչ ներկայութեան երկարաժամկէտ ենթակառուցուածք Իրանի սահմանին անմիջական մերձակայքին:
Ուրեմն օրինական է հարցնել`
Եթէ ապագային ԱՄՆ-Իրան հակամարտութիւնը նոր ռազմական փուլի հասնի, ԹՐԻՓՓ-ի ենթակառուցուածքներուն անվտանգութիւնը ո՞վ պիտի ապահովէ:
Եթէ ամերիկեան տնտեսական կամ պետական շահերը վտանգուին, Ուաշինկթըն պիտի պահանջէ՞ լրացուցիչ անվտանգային միջոցառումներ:
Այսօր բացառուող զինուորական ներկայութիւնը քսան կամ յիսուն տարի ետք ալ բացառուած պիտի մնա՞յ:
Եթէ երբեւէ այդպիսի փոփոխութիւն տեղի ունենայ, Հայաստան փաստացիօրէն պիտի չդառնա՞յ ամերիկեան ու իրանեան ռազմավարական դիմակայութեան սահմանագիծ:
Այս հարցումները չունին պատասխաններ:
Անշուշտ ամբողջ պատկերը ներկայացնելու համար պէտք է արձանագրել նաեւ, որ 9 սեպտեմբեր 2026-ին Հայաստանի Ազգային ժողովի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեան յայտարարեց, որ վերջին հայ-իրանեան քննարկումներէն ետք պաշտօնական Թեհրան ԹՐԻՓՓ-ի նկատմամբ այլեւս առարկութիւն չէ ներկայացուցած:
Այս յայտարարութիւնը կարեւոր է:
Բայց «պաշտօնական առարկութիւն չունենալը» եւ «ռազմավարական մտահոգութիւն չունենալը» նոյն բանը չեն:
Պետութիւնները երբեմն կը համաձայնին իրականութիւններու հետ ապրիլ` առանց այդ իրականութիւնները անվտանգ համարելու:
Հայաստան պարտաւոր է իր յարաբերութիւնները Իրանի հետ պահպանել բացառիկ զգուշութեամբ:
Իրանը Հայաստանի չորս անմիջական հարեւաններէն մէկն է: Հայ-իրանեան սահմանը Հայաստանի համար տնտեսական, քաղաքական ու անվտանգային կենսական նշանակութիւն ունի:
Հայաստանին համար մեծ սխալ պիտի ըլլայ Ուաշինկթընի հետ գործընկերութիւնը կառուցել Թեհրանի հետ վստահութեան հաշուոյն:
Նոյնքան սխալ պիտի ըլլայ Իրանի մտահոգութիւններուն պատճառով հրաժարիլ Հայաստանի համար օգտակար արեւմտեան տնտեսական կարելիութիւններէն:
Հայաստանը պէտք է ձգտի կամուրջ դառնալ, ոչ` ուրիշներու հակամարտութեան սահմանագիծ:
Մինչ այս բոլորը կը կատարուին` ի՞նչով զբաղած ենք ՄԵՆՔ..
Ահա հարցին ամենացաւալի մասը:
Մեր շուրջը կը վերաձեւաւորուի Հարաւային Կովկասը:
Կը փոխուին ուժային հաւասարակշռութիւնները:
Ռուսիան կը նահանջէ որոշ դիրքերէ:
Միացեալ Նահանգները կը տարածուին դէպի նոր տարածքներ:
Թուրքիա եւ Ազրպէյճան կը խորացնեն իրենց ռազմավարական գործակցութիւնը:
Իրան կը հետեւի իր հիւսիսային սահմանին:
Եւրոպական Միութիւնը կը խորացնէ իր ներկայութիւնը:
Չինաստան, Հնդկաստան եւ Կեդրոնական Ասիա իրենց հաղորդակցական շահերն ունին:
Իսկ Հայաստանի հասարակական-քաղաքական կեանքը կլանուած է այնպիսի ներքին պատերազմով, ուր գլխաւոր նպատակ դարձած է ոչ թէ հակառակորդին տեսակէտը յաղթահարելը, այլ` հակառակորդը ոչնչացնելը:
Իշխանութիւն-ընդդիմութիւն: Իշխանութիւն-Եկեղեցի:
Դատարաններ: Ձերբակալութիւններ:
Փոխադարձ վիրաւորանք:
Դաւաճանի ու գործակալի պիտակներ:
Այսպիսի աշխարհաքաղաքական միջավայրի մէջ Հայաստան կ՛ապրի ներքին անվերջ լեզուակռիւներով իր ուժերը մաշեցնելու շքեղութիւնը:
Իշխանութի՛ւն, ո՞ւր էք: Իշխանութիւնը ընտրութեամբ ստացած քուէն պէտք է վերածէ պետական ռազմավարութեան:
Ի՞նչ է Հայաստանի յառաջիկայ տասը կամ քսան տարուան անվտանգութեան տեսլականը: Ի՞նչ պիտի ըլլայ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու վերջնական ձեւը: Ո՞ւր է Եւրոպական Միութեան հետ մերձեցման ճանապարհային քարտէսը: Ի՞նչ կարմիր գիծեր կան Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններուն մէջ: Ինչպէ՞ս պիտի պահպանուի Իրանի հետ ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող սահմանը: Ո՞վ եւ ինչպէ՞ս պիտի վերահսկէ ԹՐԻՓՓ-ի զարգացումը տասնամեակներ շարունակ: Ո՞ր ազգային հարցերու շուրջ կարելի է բանակցիլ, եւ որո՞նք դուրս պիտի մնան արտաքին պահանջներու դաշտէն:
Պետութիւն մը կը զօրանայ, երբ հասարակութիւնը գիտէ` պետութիւնը ո՞ւր կ՛երթայ...
Հետզհետէ հրամայական կը դառնայ այլընտրանքի կայացման շուրջ համաժողովրդային համոզում յառաջացնելը:
Եւ վերջապէս` սփիւռքը:
Մենք ալ իրաւունք չունինք միայն մատնացոյց ընելու Երեւանը:
Տասնամեակներ շարունակ խօսած ենք համահայկական ներուժի մասին: Ո՞ւր է այդ ներուժը այսօր: Հայ ժողովուրդը աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ ունի` միջազգային իրաւունքի մասնագէտներ, տնտեսագէտներ, զինուորականներ, դիւանագէտներ, գիտնականներ, արհեստագէտներ, համալսարանի դասախօսներ, գործարարներ եւ քաղաքական փորձառութիւն ունեցող անձեր:
Ինչո՞ւ չունինք մնայուն համահայկական ռազմավարական կեդրոններ, որոնք ամէն օր պիտի ուսումնասիրեն` Թուրքիան, Ազրպէյճանը, Իրանը, Ռուսիան, Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը:
Ինչո՞ւ Հայաստանը մեծ որոշումներու ժամանակ միշտ կը սկսի գրեթէ զերոյէն:
Ինչո՞ւ սփիւռքը յաճախ աւելի կազմակերպուած է կուսակցական հակամարտութիւններուն մէջ, քան` Հայաստանի պետական անվտանգութեան հարցերուն շուրջ:
Սփիւռքը պէտք չէ կառավարուի Երեւանէն, ո՛չ ալ Երեւանը` սփիւռքէն:
Սփիւռքը ազգային գործընկեր է եւ իր հսկայական կարողութիւնը պէտք է ծառայեցնէ հայկական պետականութեան հզօրացման:
Երեսունհինգ տարիներու դատաստանը
Անշուշտ երեսունհինգ տարիները միայն պարտութիւններու պատմութիւն չեն: Հայաստանը կառուցեց պետական հաստատութիւններ: Աշխարհին վրայ կայ Հայաստանի Հանրապետութիւն անունով միջազգային իրաւունքի ինքնիշխան պետութիւն: Սերունդ մը ծնաւ ու մեծցաւ անկախ երկրի մէջ: Ստեղծուեցան` բանակ, դիւանագիտական համակարգ, տնտեսութիւն, համալսարաններ, արհեստագիտական ներուժ: Եղան յաղթանակներ: Եղան վերելքներ:
Սակայն պատմութիւնը ժողովուրդները կը դատէ ոչ միայն անոնց ունեցածով, այլ նաեւ` անոնց պահպանածով:
1991-ին մենք անկախութեան ճանապարհը սկսանք արցախեան շարժման վերելքով, ազգային համախմբումով եւ յաղթանակի հաւատքով:
2026-ին Արցախը հայաթափուած է: Հարիւր հազարաւոր արցախահայեր հեռացած են իրենց հայրենիքէն: Հայաստանի սահմաններուն անվտանգութիւնը կը մնայ մտահոգիչ: Խաղաղութեան վերջնական համաձայնագիրը կը մնայ արտաքին պայմանաւորումներու առարկայ: Մեր սահմանադրութեան մասին կը խօսի հակառակորդ պետութեան ղեկավարութիւնը: Մեր արտաքին տնտեսական ուղղութեան շուրջ Մոսկուան ու Պրիւքսելը հակադիր սպասումներ ունին: Մեր հարաւային սահմանին վրայ կը ձեւաւորուի ամերիկեան երկարաժամկէտ ռազմավարական ծրագիր: Մեր սահմանակից Իրանը սեփական անվտանգութեան պրիսմակով կը դիտէ այդ ներկայութիւնը:
Եւ այս բոլորին մէջ Հայաստանը տակաւին կը փնտռէ այն համազգային համաձայնութիւնը, որ պիտի պատասխանէ ամենապարզ հարցումին.
Ի՞նչ պետութիւն կ՛ուզենք ունենալ քսան տարի ետք:
Եթէ այս հարցումին ընդհանուր պատասխան չունինք, ապա մնացած բոլորը ժամանակաւոր են: Իշխանութիւնները կու գան ու կ՛երթան: Կուսակցութիւնները կը մեծնան ու կը փոքրանան: Առաջնորդները կը յայտնուին ու կը հեռանան: Մեծ պետութիւններու շահերն ալ կը փոխուին:
Միայն Հայաստանը պէ՛տք է մնայ:
Փոքր պետութիւն մը մեծ պետութիւններէն աւելի խոհեմ, աւելի հեռատես եւ աւելի միասնական պէտք է ըլլայ:
Այսօր մեր մեծագոյն խնդիրը միայն Թուրքիան կամ Ազրպէյճանը չեն: Միայն Ռուսիոյ նահանջը կամ Ամերիկայի մուտքը չէ: Միայն Եւրոպա-ԵԱՏՄ ընտրութիւնը չէ: Միայն ԹՐԻՓՓ-ը կամ Իրանի մտահոգութիւնը չէ:
Մեր մեծագոյն խնդիրը Հայաստանի պետական շահը յստակ սահմանելու եւ այդ շահին շուրջ իշխանութենէն, ընդդիմութենէն ու սփիւռքէն վեր ազգային նուազագոյն համաձայնութիւն ստեղծելու անկարողութիւնն է:
Ահա թէ ինչո՛ւ անկախութեան 35-ամեակը միայն շնորհաւորանքի օր պէտք չէ ըլլայ:
Ան պէտք է ըլլայ հաշուետուութեան օր:
Ի՞նչ ունեցանք:
Ի՞նչ կորսնցուցինք:
Ո՞վ էր պատասխանատուն:
Ո՞ւր սխալեցանք:
Եւ ամենակարեւորը` ի՞նչ պիտի փոխենք:
Որովհետեւ պատմութիւնը անվերջ փորձերու առիթ չ՛ընծայեր: Հայաստանը աշխարհաքաղաքական փորձադաշտ չէ: Հայաստանը քարտէսի վրայ ճանապարհ մը չէ: Հայաստանը մեծ պետութիւններու միջեւ սակարկութեան հողամաս մը չէ: Հայաստանը մեր բոլորին հայրենիքն է: Հայրենիքը կը պահանջէ պետական մտածողութեան տէր իշխանութիւն: Այլընտրանք ներկայացնող ընդդիմութիւն: Կազմակերպուած սփիւռք: Հասարակութիւն, որ կուսակցական պատնէշներէն վեր կարենայ տեսնել պետականութեան վտանգը:
Երեսունհինգ տարի ետք հարցումը դարձեալ մեր առջեւ է.
Իշխանութի՛ւն, ո՞ւր էք:
Ընդդիմութի՛ւն, ո՞ւր էք:
Սփի՛ւռք, ո՞ւր ենք մենք:
Եւ այս երեք հարցումներէն ալ աւելի ծանր`
Հայաստա՛ն, ո՞ւր կ՛երթաս:
Պատասխանը միայն պատմաբաններուն ձգելու ժամանակ չունինք այլեւս:
Զայն այսօր պէտք է տանք մենք:
Որովհետեւ վաղուան Հայաստանը պիտի ըլլայ այն, ինչ որ այսօրուան հայութիւնը պիտի կարողանայ պահպանել, պաշտպանել եւ կառուցել: